Play Video

Հայաստանաբնակ, ժամանակակից պատմաբաններուն մեծ մասը գոհունակութիւն կը յայտնէ, որ այլեւս ազատ է խորհրդային պետութեան պարտադրած մարքսական գաղափարախօսութենէն։ Մինչդեռ, վերջինս այսօր գործնապէս փոխարինուած է մինչեւ քսաներորդ դարասկիզբը համաշխարհային պատմագրութեան մէջ գերակշիռ դեր խաղացած, բայց այժմ յաճախ հարցականի տակ առնուող սկզբնական ազգայնականութեան (primordial nationalism) վերադարձով։ Հայաստանի յետխորհրդային պատմագրութիւնը բաւարար չէ օգտուած «Երկաթէ վարագոյրի» քանդումէն։ Դժբախտաբար, անիկա բազմաթիւ առումներով խզուած կը մնայ երկրագունդի տարածքին քննարկուող ու կիրարկուող պատմութեան տեսութեան ու մեթոտաբանութեան ժամանակակից դպրոցներէն։ Միաժամանակ, Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ հետ հակամարտութիւնները աւելի քաղաքականացուցած են պատմութեան շարադրումը։ Պետութեան կողմէ վաւերացուած դասագիրքերով եւ այլ միջոցներով ուսուցիչներէն կ’ակնկալուի ընդգծել թէ պատմական Հայաստանն ընդարձակ երկիր էր եւ թէ հայերը աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն են։ Վերջին տարիներուն լոյս տեսած դասագիրքերը միաժամանակ աներկբայ կը հաստատեն թէ հայերը Հայկական Լեռնաշխարհի բնիկներն են եւ թէ այդ շրջանի միակ բնակիչները մնացած են հնդեւրոպական նախալեզուի տրոհումէն ետք։ Աւելի՛ն։ Այդ դասագիրքերը կը սահմանեն` աւելի ուժգին քան երբեւէ, թէ հայերը համարեա անընդհատ ունեցած են իրենց պետականութիւնը` մ.թ.ա. ԻԸ. դարէն մինչեւ մոնկոլական արշաւանքները։ Յաճախ կ’ընդգծուի, որ եթէ երիտասարդներն այս համոզումներով տոգորուին, անոնց մօտ պիտի ամրապնդուի հայրենիքի համար կռուելու եւ անոր պատմական սահմաններուն վերատիրանալու հայրենասիրական պատրաստակամութիւնը։ Անշուշտ, այս պատմագիտական եզրակացութիւններուն մէջ որոշակի ճշմարտութիւն կայ։ Սակայն, պատմական փաստերն արժեւորելու արդի, միջազգային չափանիշերով այս եզրակացութիւնները պաշտպանելը մեծ մարտահրաւէր է, յատկապէս` այն բացարձակ ձեւով, որմով անոնք սովորաբար կը ներկայացուին։ Միաժամանակ, յետխորհրդային դասագիրքերը ընդլայնած են քաղաքական պատմութեան մասնաբաժինը` ի հաշիւ սոցիալական պատմութեան, միտում մը, որ հակոտնեայ է միջազգային փորձին։ Անոնք կը փորձեն հայ ազգային միասնականութեան ըմբռնում մը ներկայացնել, որ բոլորովին կ’անտեսէ առկայ շրջանային, դասակարգային ու դաւանաբանական տարբերութիւնները։ Անոնք շատ լուսանցքային տեղ կը յատկացնեն բոլոր տեսակի միջնադարեան կրօնաաղանդաւորական, գիւղացիական ինչպէս նաեւ արդի բանուորական շարժումներուն, չըսելու համար թէ` զանոնք ընդհանրապէս մոռացութեան կը դատապարտեն։
«Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը» Հայաստանի մէջ բազմաթիւ անհատներու ու խմբաւորումներու առիթ ընծայեց, որ հասարակական կեանքի տարբեր երեսակներ, ներառեալ` կրթութիւնն ու գիտութիւնը, բարելաւելու համար արմատական առաջարկներ ներկայացնեն։ Այս շրջանակէն ներս, ակնկալելի է, որ հայոց պատմութիւնն ուսումնասիրելու եւ ուսուցանելու նոյնատիպ առաջարկներով ու գործողութիւններով հանդէս գան նաեւ պատմութիւն գրելու ձգտող այն համեմատաբար փոքր, այլընտրանքային շրջանակները, որոնք մինչ օրս միջազգային նորագոյն փորձն իւրացնելու աւելի պատրաստ եղած են, բայց տապալած վարչակարգի օրերուն միայն լուսանցքային դեր մը ունէին։ Այս զեկուցումը նոյն ուղղութեամբ որոշ գաղափարներ պիտի ներկայացնէ։ Անոր նպատակն է օգնել, որ հայաստանեան պատմագրութիւնը արդի աշխարհին մէջ յարգալից տեղ նուաճէ։ Անիկա պիտի շեշտադրէ ապագայ պատմաբաններուն համար օտար լեզուներու ուսուցման բարելաւման անհրաժեշտութիւնը` որպէսզի անոնք քայլ պահեն տեսական ու մեթոտաբանական բնոյթի, ինչպէս նաեւ համեմատական ուսումնասիրութիւններու յարաճուն պատմագիտական գրականութեան հետ։ Անիկա պիտի առաջարկէ բուհական լսարաններուն մէջ ընդլայնել պատմագրութեան, յատկապէս` պատմութեան տեսութեան ու մեթոտաբանութեան զարգացման ուսուցումը։ Անիկա նոյնպէս պիտի քաջալերէ, որ ուսանողները ծանօթանան պատմագրութեան այնպիսի ժանրերու հետ, որոնք առայժմ հազուագիւտ փորձարկուած են Հայաստանի մէջ։ Միաժամանակ, անիկա պիտի առաջարկէ պատրաստել դասագիրքերու նոր շարք մը, որ պիտի քաջալերէ վերլուծական հմտութիւններու եւ քննական մտածողութեան զարգացումը,
համատեղ ներկայացնէ պատմական եղելութիւններու հանդէպ առկայ տարբեր մօտեցումները, ինչպէս նաեւ դասարանէն ներս մեծ տեղ յատկացնէ սկզբնաղբիւրներու օգտագործման ու քննարկման։

Անգլերեն տարբերակը՝

Դիտեք նաև՝

Search