Ես գիտէի որ բառերուն միջեւ եղող անտես կամուրջներ կան
Երկար ու ծանր մետաղեայ կամուրջներ
Կամուրջներ կան անտես- հեռաւոր
Այսօր այդ կամուրջներէն կը ճամբորդենք
Ո՞ւր է կամուրջն այն որ սրտիդ պիտի տանի….
Ինծի սորվեցուր կամուրջի լեզուն
Ես յոգնած եմ
Սանսկրիտ, գրաբար, ժարկոն,
Լեզուն Պուրճ համուտի ձեխերէն յառնող
Գաղիերէն, Արաբերէն Մաղրէպի ո՜հ շատ սազական
Ֆրանսերէնը նուրբ սէքսուալ ու կիրթ:
Այստեղ Կովկաս է
Ինծի իսկական բառը սորեցուր
Բառը կամուրջ է որ գիտէ ճամբան
Ես բոլոր բառերը մոռցայ քու գոլորիշներուն մէջ
Ու մօրս որբ պատկերը նկարեցի աչքերուդ վրայ
Մենք բոլորս որբ էինք,
Ու մեր որբութիւնը երկարող կամուրջներու պէս խոցեց այս քաղաքի հէգ մարմինը:
Արեւելքը մեր բառին մէջ որբութեան փոսեր բացաւ
Ատոնք վէրք չէին սիրելիս:
Դուն հիմա սիրոյ կամուրջներուն մասին խօսիր
Այն կամուրջներուն որ կան քու եւ իմ միջեւ
Իմ բառս կորսուած է
Ես կատաղի որբ եմ
Իմ որբութեանս կամուրջէն քալած են շատեր
Ղովտի կնոջ պէս առանց նայելու ետին
Առանց նայելու սամումներուն
Ու հեռացող պատուհաններէն
Որոնք կան քու հոգիիդ վրայ:
Ահա այդ պատուհաններէն ներս պիտի նայինք ես ու դուն
Որպէսզի սորվինք ամէն օր սիրել:
Նստիմ կողքդ ու զիս կամուրջներու լեզուն բացատրէ
Այն կամուրջներուն որ դեռ
Ովկիանէ –ովկիան
Ու Ծովէ – ծով
Հեռուն կը տանին:
Այն կամուրջներուն որ սիրտէ սիրտ կը նետուին:
Այն կամուրջներուն
Որ գիտեն նաեւ աչքերու լեզուն
Յիշէ սիրելիս աչքերու լեզուն
Կամուրջներուն պէս աչքերու լեզուն
Որ վիրաւոր քաղաքները իրար կը կապեն
Որ մեր մարմնի փոսերը- վէրք մէկ մէկ կը փակեն
Յիշէ սիրելիս կամուրջ-սրտերու չհինցող լեզուն: