Play Video

Զապէլ Եսայեան 20րդ դարու առաջին կէսի նշանաւոր հայ մտաւորականներէն է։ Մելիսսա Պիլալի եւ Լեռնա Էքմէքճիօղլուի հետ այս զրոյցը կ՚անդրադառնայ Եսայեանի գործունէութեանն ու ժառանգութեանը՝ գրական, քաղաքական, կնոջական շարժումներու եւ պայքարներու համածիրին մէջ։

«Սփիռք. քննական անդրադարձներ» հաղորդաշարը նուիրուած է արեւմտահայ գրական մշակոյթին։ Զրոյցները կ՚անդրադառնան վերջին հարիւր տարուան այն զարգացումներուն եւ խնդիրներուն, որոնք էական դեր խաղցած են Սփիւռքի բազմատարր, բազմակեդրոն եւ շարժուն հաւաքական կեանքի կերտման մէջ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին աջակցութեամբ իրականացուած շարքը կը փորձէ հանրամատչելի կերպով ներկայացնել արդի, ժամանակակից, ինչպէս նաեւ նոր-նոր ասպարէզ իջնող արեւմտահայ գրագէտներու եւ մտաւորականներու փորձառութիւնն ու վաստակը։

Դիտեք նաև՝

Search