7 մարտ, 1967
Սիրելի պրն Գ. Շահինեան,
Շնորհակալ եմ, որ հոգածութիւնն ունեցած էք ինծի ղըրկելու ձեր Հանդիպուները:
Իմ գրութիւններուս յատկացուած գլուխը, արձագանգի մը պէս եկաւ ականջիս, ինչ որ հաւանական կը դարձնէ սկզբնական ընթերցում մը, իմ կողմէս, լրագիրի մը մէջ:
Անշուշտ, անտարբեր չէի կրնար մնալ հանդէպ Ձեր գրադատութեան ոգիին, որ կ’ենթադրէ բանիմացութիւն եւ համազգացութիւն, բաներ՝ որոնցմէ բացակայ չէ ջերմ համակրանքը: Շնորհակալ եմ այս բոլորին համար:
Մեր աշխարհաբարը զգալապէս կատարելագործուած է Մերձաւոր Արեւելքի կողմը, եւ ժամ է որ տեղւոյդ գրիչները օգտագործեն այդ անզուգական զէնքը, ի նպաստ գրականութեան: Կը հիանամ Ձեր բառամթերքին ճոխութեան և ճշգրտութեան վրայ:
Առանց նույնիսկ կողքի մերկացումին, ես պիտի գուշակէի թե Դուք ընդգրկած էք ուսուցչական ասպարէզը: Ձեզ նման անձերու ներկայութիւնը Վսեմ ձուլարանէն ներս, բարեբախտութիւն մը միայն կրնայ ըլլալ ծաղկող սերունդին համար, որուն Դուք չէք կրնար չը փոխանցել սէրը արուեստին եւ գաղտնիքը ներդաշնակ հայերէնին:
Ձերդ
Լավագոյն զգացումներով
Շահան Շահնուր