Արդի Սփիւռքի մշակոյթը՝ նշանակալիօրէն թէկուզ եւ հաճախ անջատաբար, հաւաքական իր գոյութիւնը կազմակերպած եւ ըմբռնած է նաեւ թատրոնի ընդմէջէն։ Հրանդ Մարգարեանի, Ժիրայր Փափազեանի եւ Կարէն Ջալլաթեանի այս զրոյցը պատմական ակնարկ կը նետէ Սփիւռքի մէջ թատերական կեանք ստեղծելու փորձառութիւններուն վրայ` ի նկատի առնելով անոնցմէ պարզուած դժուարութիւնները եւ քաղուելիք դասերը։
«Սփիւռք. քննական անդրադարձներ» հաղորդաշարը նուիրուած է արեւմտահայ գրական մշակոյթին։ Զրոյցները կ՚անդրադառնան վերջին հարիւր տարուան այն զարգացումներուն եւ խնդիրներուն, որոնք էական դեր խաղցած են Սփիւռքի բազմատարր, բազմակեդրոն եւ շարժուն հաւաքական կեանքի կերտման մէջ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին աջակցութեամբ իրականացուած շարքը կը փորձէ հանրամատչելի կերպով ներկայացնել արդի, ժամանակակից, ինչպէս նաեւ նոր-նոր ասպարէզ իջնող արեւմտահայ գրագէտներու եւ մտաւորականներու փորձառութիւնն ու վաստակը։