Play Video

Կոստան Զարեանի գրական վաստակն ու մտաւորական գործունէութիւնը մշակութային եւ աշխարհագրական առումներով համաշխարհային ընդարձակութիւն կը դրսեւորեն։ Նարինե Պետրոսյանի, Վարդան Մատթէոսեանի եւ Կարէն Ջալլաթեանի այս զրոյցը Զարեանի գործը կը դիտարկէ իր եւ մեր ժամանակներու համածիրներուն մէջ՝ անդրադառնալով գրողի Սփիւռքեան փորձառութեանը՝ քովն ի վեր անոր զօրաւոր միտումը դէպի Հայաստան։

«Սփիւռք. քննական անդրադարձներ» հաղորդաշարը նուիրուած է արեւմտահայ գրական մշակոյթին։ Զրոյցները կ՚անդրադառնան վերջին հարիւր տարուան այն զարգացումներուն եւ խնդիրներուն, որոնք էական դեր խաղցած են Սփիւռքի բազմատարր, բազմակեդրոն եւ շարժուն հաւաքական կեանքի կերտման մէջ։ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին աջակցութեամբ իրականացուած շարքը կը փորձէ հանրամատչելի կերպով ներկայացնել արդի, ժամանակակից, ինչպէս նաեւ նոր-նոր ասպարէզ իջնող արեւմտահայ գրագէտներու եւ մտաւորականներու փորձառութիւնն ու վաստակը։

Դիտեք նաև՝

Search