Վերադարձ Շահան Շահնուրին | Գրիգոր Պըլտեան

7 մարտ, 1967

Սիրելի պրն Գ. Շահինեան,

Շնորհակալ եմ, որ հոգածութիւնն ունեցած էք ինծի ղըրկելու ձեր Հանդիպուները:
Իմ գրութիւններուս յատկացուած գլուխը, արձագանգի մը պէս եկաւ ականջիս, ինչ որ հաւանական կը դարձնէ սկզբնական ընթերցում մը, իմ կողմէս, լրագիրի մը մէջ:
Անշուշտ, անտարբեր չէի կրնար մնալ հանդէպ Ձեր գրադատութեան ոգիին, որ կ’ենթադրէ բանիմացութիւն եւ համազգացութիւն, բաներ՝ որոնցմէ բացակայ չէ ջերմ համակրանքը: Շնորհակալ եմ այս բոլորին համար:
Մեր աշխարհաբարը զգալապէս կատարելագործուած է Մերձաւոր Արեւելքի կողմը, եւ ժամ է որ տեղւոյդ գրիչները օգտագործեն այդ անզուգական զէնքը, ի նպաստ գրականութեան: Կը հիանամ Ձեր բառամթերքին ճոխութեան և ճշգրտութեան վրայ:
Առանց նույնիսկ կողքի մերկացումին, ես պիտի գուշակէի թե Դուք ընդգրկած էք ուսուցչական ասպարէզը: Ձեզ նման անձերու ներկայութիւնը Վսեմ ձուլարանէն ներս, բարեբախտութիւն մը միայն կրնայ ըլլալ ծաղկող սերունդին համար, որուն Դուք չէք կրնար չը փոխանցել սէրը արուեստին եւ գաղտնիքը ներդաշնակ հայերէնին:

Ձերդ
Լավագոյն զգացումներով
Շահան Շահնուր

Դիտեք նաև՝

Սփիւռք․ Քննական անդրադարձներ | Սփիւռքեան թատրոն

Սփիւռք․ Քննական անդրադարձներ | Սփիւռքեան թատրոն

Արդի Սփիւռքի մշակոյթը՝ նշանակալիօրէն թէկուզ եւ հաճախ անջատաբար, հաւաքական իր գոյութիւնը կազմակերպած եւ ըմբռնած է նաեւ թատրոնի ընդմէջէն։ Հրանդ Մարգարեանի, Ժիրայր...

Կառնուտի դամբարանները․ թաղման ծեսի մասին | Լևոն Աղիկյան

Կառնուտի դամբարանները․ թաղման ծեսի մասին | Լևոն Աղիկյան

Ինչո՞ւ «Շենգավիթյան մշակույթը» վերանվանվեց «Կուր-Արաքսյանի», ինչո՞ւ է կարևոր դամբարանների ուսումնասիրությունը, ի՞նչ հիմքով են դամբարանները համարվել ընտանեկան,...

Սփիւռք․ Քննական անդրադարձներ | Կոստան Զարեան

Սփիւռք․ Քննական անդրադարձներ | Կոստան Զարեան

Կոստան Զարեանի գրական վաստակն ու մտաւորական գործունէութիւնը մշակութային եւ աշխարհագրական առումներով համաշխարհային ընդարձակութիւն կը դրսեւորեն։ Նարինե...